2012-05-26 13:19:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ճառը <<Վերանորոգում՝ Սուրբ Հոգիով>> Եկեղեցական Շարժումի Անդամներուն։


''Վերանորոգում Սուրբ Հոգիով'' եկեղեցական շարժումի հիմնադրութեան 40 ամեակին առթիւ աւելի քան 30 հազար անդամներ շաբաթ առաւօտ սուրբ Պետրոսի հրապարակը ժամադրուած էին ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին որ մատոյց կարտինալ Պանիասքօ` գահերէցը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին։ Ծիսակատարութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ներկայութեամբը Ս.Պետրոսի հրապարակը իր հայրական խօսքը ուղղեց անոնց։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, (ըսաւ Սրբազան Հայրը) ուրախ եմ ձեզ ընդունելու այսօր՝ Հոգեգալստեան տօնին նախօրեակը։ Կը հրաւիրեմ ձեզ որ ընդունիք Աստուծոյ սէրը որ մեզի կը հաղորդուի Սուրբ Հոգւոյն շնորհիւ։Այս տասնամեակներուն ընթացքին դուք աշխատանք տարիք Աստուծոյ փառքին ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Ձեր այս առաքելական գործունէութեամբ՝ նպաստեցիք Իտալիոյ եկեղեցական թէ ընկերային հոգեւոր կեանքի զարգացումին, շատ մը անհատներ ճանչցան Աստուծոյ սէրը, բազմաթիւ ընտանիքներ կարողացան յաղթահարել ներքին տագնապը, եւ ձեր շարժումէն ներս անպակաս եղան վեհանձն երիտասարդները, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ դառնալով քահանայ կամ կրօնաւոր։
Սիրելիներ` (յարեց Նորին Սրբութիւնը) շարունակեցէք վկայութիւն տալ ձեր հաւատքին Քրիստոսի մէջ, ցոյց տուէք Յիսուսի աշակերտներ ըլլալու գեղեցկութիւնը, սիրոյ զօրութիւնը ու եկեղեցւոյ խորհուրդներու ապրումի ձեր փորձառութիւնը, ինչպէս կ'ըսէ Պօղոս առաքեալը. ՜՜ այս ամէն թող կատարուին հասարակաց բարիքին համար՝՝։ Տեղի մի տաք գաղջութեան, մշակեցէք ձեր հոգին բարձր ու վեհանձն փափաքներու, իւրացուցէք Քրիստոսի ոգին, դառնալով ''այլոմն Քրիստոս մը''։ Այո, Տէրը կը կանչէ ձեզ ըլլալու անոր անխոնջ գործակիցները փրկութեան ծրագրին համար։ Ան պէտք ունի ձեզի ալ , որպէսզի ձեր ընտանիքները, ձեր շարժումը, ձեր քաղաքները դառնան սիրոյ ու յոյսի վայրը ։ Հարկաւոր է որ կեանքի կաոռյցը ըլլայ Աստուծոյ խօսքի կայուն ժայռի վրայ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Ս. Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի սա խօսքը. ՜՜ով որ լսէ խօսքերը զոր ըսի եւ զանոնք գործադրէ, նման է իմաստուն մարդուն, որ իր տունը կառուցեց ժայռի վրայ։ Անձրեւները տեղացին, գետերը յորդեցան, հովերը փչեցին ու մոլեգնեցան տան դէմ որ չփլաւ, որովհետեւ հիմնուած էր ժայռի վրայ՝՝։ Տէրը մեզի հետ է եւ կը ներգործէ Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ. ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ աւելցնելով. ՜՜Մեր յոյսը ու վստահութիւնը դնենք Յիսուսի վրայ կատարելով անոր կամքը։ Ուստի կարեւոր է կազմել մեր խիղճը Աստուծոյ խօսքի լոյսով՝՝։
''Վերանորոգում Սուրբ Հոգիով'' շարժումի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, մի յոգնիք ձեր հայացքը երկինք ուղղելու։ Աշխարհը կարիքը ունի աղօթքի։ Եղէք ուրախ քրիստոնեաներ։ Ձեզ ամէնքդ կը յանձնարարեմ ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որ Վերնատան մէջ ներկայ էր Պենետկոստէի օրը։ Տիրամօր հետ միասին յարատեւեցէք աղօթքին մէջ, ընթացէք Ս. Հոգւոյն առաջնորդութեամբ հռչակելով Աստուծոյ խօսքը։ Թող ձեզի ընկերանայ իմ առաքելական օրհնութիւնը, որ սիրով կու տամ ձեր շարժումի բոլոր անդամներուն։
Նշենք որ ''Վերանորոգում Սուրբ Հոգիով'' եկեղեցական շարժումի անդամները յանձնառումով կը գործեն աւետարանութեան առաքելութեան մէջ։
Նշենք թէ՝ Սրբազան Քահանայապետը 2012-2013ը հռչակած է ՜՜ հաւաքի տարի՝՝ եւ յառաջիկայ հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ, տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական սիւնոդոս մը ''նոր աւետարանութիւն'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.